2015-07-01 10:40:00

Եւրոպական խորհրդարանի մէջ համագումար` քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքներու մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 1 յուլիսին, յետմիջօրէին ժամը 14.30- 18.00, Պէլճիքայի Եւրոպական խորհդրանաին մէջ տեղի կ՝ունենայ  ՝՝Աշխարհին մէջ Քրիստոնեաներուն   հալածանքները՝՝ խորագիրով դասախօութիւն, կազմակերպութեամբ միջ-մշակութային եւ կրօնական երխօսութեան միութեան։

Դասախօսութեան կէտնպատակն է , եւրոպայի մէջ հանրային կարծիքին ուշադրութեան յանձնել քրիստոնեաներու դէմ հալածաքներու նիւթը, ինչպէս  նաեւ ներկայացնել անցեալ՝ ապրիլ 2015-ին, աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու հալածանքներուն հայող Եւրոպական խորհդարանի կողմէ որդգերուած առաջարկին եզրակացութիւնը։

Պէլճիքայի մէջ կայացած համաժողովը ստորաբաժանուած է երկու նիւստերու։

Առաջին նիստին, պիտի  քննարկուին ընդհանրապէս Միջին Արեւլքի հարցերը յատուկէն անդրադառնալեով Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութեան։

Իսկ երկրորդ նիստի ընթացքին պիտի շօշափուին Ասիայի եւ Ափրկէի տագնապները։

Նշենք, թէ համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Անտիոքի Քաղտէացիներու Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ եւ  Իգնատիոս Եուսէֆ Գ Եունան, Պատրիարքները , ապա  Ռատիօ Վատիկանի կողմէ կը մասնակցի Լեհական բաժնի պատասխանատու`  Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր լէզքէ Կէսաիք ։








All the contents on this site are copyrighted ©.